Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1596-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 73 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 24 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1596 է, արձանագրուած է մահուան 27 դէպք (աւելցած է եւս 3 դէպք): Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 16 հազար 552 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 69-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 728։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 841 հիւանդ:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 87, 84 եւ 81 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։