Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1339-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 48 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 20 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1339 է, արձանագրուած է մահուան 22 (աւելցած է եւս 2 դէպք) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 13 հազար 373 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 35-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 580։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 737 հիւանդ:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ մահացողները եղած են 62 եւ 90 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։