Համաշխարհային դրամատունէն վատ ցուցանիշներ՝ Հայաստանին

Համաշխարհային դրամատունը յունիս ամսուան «Համաշխարհային տնտեսութեան հեռանկարները» (Global Economoc Prospects) զեկոյցին մէջ կանխատեսած է, որ 2020-ին Հայաստանի ՀՆԱ-ի անկումը պիտի կազմէ 2,8%:
Յունիսեան կանխատեսման մէջ նշուած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը աճի պիտի վերադառնայ արդէն 2021 թուականին՝ Համաշխարհային դրամատան վերլուծաբանները կ'ակնկալեն, որ յաջորդ տարուան արդիւնքներով Հայաստանի մէջ ՀՆԱ-ի աճը 4,9% կը կազմէ։