Հակառակորդի կրակոցէն պայմանագրային զինծառայող զոհուած է

2020-03-11
Image

10 Մարտին, ժամը 15:30-ի սահմաններուն, հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքի ուղղութեամբ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցի հետեւանքով կրծքաւանդակի շրջանին մահացու հրազէնային վնասուածք ստացած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորիի Սիանոսեան  (1984-ի ծնունդ, Արարատի զ/կ):

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Զոհրապ Սիանոսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: