Կուտոյեանի դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած. Քննչական կոմիտէ
ՀՀ Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կը շարունակուին ձեռնարկուիլ անյետաձգելի քննչական եւ այլ դատավարական, դաշտային-հետախուզական միջոցառումներ՝ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի մահուան դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը:
«Կուտոյեանի դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած: Քննութեան համար էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ պարզելու համար նշանակուած են դատաբժշկական, դատահետքաբանական, դատաձգաբանական, դատակենսաբանական փորձաքննութիւններ: Քննութեան ընթացքին ձեռք բերուած հրապարակման ենթակայ տուեալներու վերաբերեալ Կոմիտէն հանդէս պիտի գայ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ»,- ըսած է ան: