Կ'ուզեմ ներողութիւն խնդրել գործած սխալներու համար. Արսէն Թորոսեան

Կ'ուզեմ ներողութիւն խնդրել գործած սխալներու համար: «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ժամանակ գործած սխալներու մասին խօսելու ժամանակ՝ յայտարարած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։
Արսէն Թորոսեանի խօսքով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը նոր է, երբեւէ չէ եղած աշխարհի մէջ եւ ատոր հետ կապուած մինչ օրս ալ անպատասխան հարցեր կան, ինչն ալ տարբեր երկիրներու մէջ իշխանութիւններուն դրդած է կատարել տարբեր քայլեր, գործողութիւններ եւ դասեր քաղել անկէ։
«Այս անորոշութիւններն են պատճառը, որ թերեւս մենք ինչ-որ ժամանակ յապաղած ենք, քանի մը օր որոշումը ուշ կայացուցած ենք։ Ներողութիւն կը խնդրեմ եւ կ'ուզեմ ըսել, որ տարբեր իրավիճակներու մէջ տարբեր որոշումներ կայացնելու ժամանակ թերեւս յապաղած ենք։ Այս իրավիճակը մեզ կը դրդէ ետ նայելու եւ գնահատելու կատարած քայլերը։ Ես շնորհակալ եմ քննադատներուն, երբ անոնք մատնացոյց կ'ընեն մեր գործողութիւններու թերութիւնները։ Անոնք մեզ թոյլ կու տան շտկել ու ճշգրիտ քայլերով առաջ երթալ», -ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Թորոսեանը։
Ան նաեւ յիշած է իր նախկին յայտարարութիւնը դիմակ չկրելու մասին եւ նշած, որ անցած քարանթինային 4 ամիսները եւ հիւանդութեան դէմ պայքարը թոյլ տուած են հասկնալ, որ այդ յայտարարութիւնը սխալ եղած է, եւ այժմ հանրայն վայրերու մէջ դիմակ կրելը կը նուազեցնէ վարակի տարածումը։