Կառավարութիւնը մտադիր է շարունակել պայքարը կաշառակերութեան դէմ

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած է շարք մը օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որ թոյլ պիտի տայ իրաւապահ մարմիններուն հայաստանեան դրամատուներէն ստանալ ցանկացած մէկուն վերաբերող տուեալներ:
Գործող կարգի համաձայն, դրամատնային գաղտնիք հանդիսացող տեղեկութիւն իրաւապահները կրնան ստանալ, եթէ տուեալ անձը մեղադրեալ է կամ կասկածեալ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նման փոփոխութիւններ կայացնելը պատճառաբանած է կաշառակերութեան դէմ պայքարով՝ ուշագրաւ օրինակ բերելով բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը փեսայի հետ կապուած. - «Այս թեման շատ երկար եւ շատ բարդ, ամենատարբեր ֆորմաթներով քննարկուած է, եւ առկայ եղած են բազմաթիւ մտահոգութիւններ, բազմաթիւ մտավախութիւններ եւ այսպէս շարունակ: Բայց մեր քաղաքական եզրակացութիւնը հետեւեալն է. մենք կա՛մ կը պայքարինք կաշառակերութեան դէմ, կա՛մ չենք պայքարիր, որովհետեւ կիսապայքարը ընդունելի չէ»: