Կառավարութիւնը ընդունեց Արտակարգ դրութեան ռեժիմը եւս 30 օրով երկարաձգելու որոշում

Հայաստանի կառավարութիւնն արտահերթ նիստին hանրապետութեան մէջ 16 մարտ 2020-ին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 14 ապրիլ 2020-էն ժամը 17:00-էն` 30 օրով՝ մինչեւ 14 մայիս 2020-ը ժամը 17:00-ը երկարաձգելու որոշումն ընդունեց:
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը նշած է, որ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց անշարժ եւ շարժական գոյքը կամ անոր մէկ մասը կրնան օգտագործուիլ արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի ապահովման նպատակով։
Բացի այդ, արտակարգ դրութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութեան համար կը սահմանափակուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 1247-րդ յօդուածի հիմքով կայացուած վարչական աքթերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան «Ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան կողմէ կայացուած վարչական աքթերու հիման վրայ «Վարչարարութեան հիմունքներու եւ վարչական վարոյթի մասին» օրէնքի 88-րդ յօդուածի 4-րդ մասի պահանջներու պահպանմամբ ներկայացուած դիմումով 14 ապրիլ 2020-էն ետք յարուցուած կատարողական վարոյթներով պարտապանի գոյքի վրայ արգելանք դնելու լիազօրութիւնը: Սոյն կէտով սահմանուած հիմքերով չկիրառուած արգելանքները ենթակայ են կիրառման «Դատական աքթերու հարկադիր կատարման մասին» օրէնքով սահմանուած կարգով` արտակարգ դրութիւնը դադրելէ ետք։
«Նշածս սահմանափակումը կը վերաբերի ՏԻՄ-երու կողմէ սահմանուած կայանատեղիի համար տուրքերը չվճարելու հիմքով կայացուած աքթերու, ինչպէս նաեւ Ճանապարհային ոստիկանութեան աքթերու հիման վրայ յարուցուած կատարողական վարոյթներով կիրառուող արգելանքներուն, եթէ կատարողական վարոյթը յարուցուած է 14 ապրիլ 2020-էն ետք: Չկիրառուած արգելանքները պիտի կիրառուին արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք»,-կը պարզաբանած է նախարարը: