Կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ բացայայտելու համար Կուտոյեանի սպանութեան ծալքերը

2020-01-20
Image

ՀՀ կառավարութիւնն իր լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս ամէն ինչ պիտի ընէ  ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու համար:  

«ՀՀ վարչապետը կը ցաւի իւրաքանչիւր քաղաքացիի մահուան կապակցութեամբ եւ կը ցաւակցի իւրաքանչիւր սգակիր ընտանիքի: ՀՀ վարչապետը կը ցաւի Կեորկի Կուտոյեանի մահուան կապակցութեամբ եւկը  ցաւակցի Կուտոյեաններու սգակիր ընտանիքին: Նաեւ կ'երաշխաւորէ, որ կառավարութիւնն իր լիազօրութիւններու շրջագիծէն ներս ամէն ինչ պիտի ընի Կեորկի Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու համար»,- այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: