Ծննդեան  օրուան  առթիւ   Նախագահ Արմէն Սարգսեան   շնորհաւորած է Բակօ Սահակեանը

2019-08-30
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմեն Սարգսեան  շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին՝ ծննդեան օրուան առթիւ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս եւ ջերմ բարեմաղթանքներս Ձեր ծննդեան տարեդարձի առթիւ:

Աւելի քան քառորդ դար Արցախը կը կերտէ իր պայքարի, ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան պատմութիւնը՝ ստեղծելով եւ ամրապնդելով պետական կառավարման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններ: Այդ ժամանակահատուածի մէկ տասնամեակէն աւելին որպէս Արցախի նախագահ Ձեր պաշտոնավարման շրջանն է, երբ հայկական աշխարհի պատմական մէկ հատուածում շարունակած է լիարժեքորէն կայանալ եւ զարգանալ Արցախի հայկական հանրապետութիւնը:

Դուք Ձեր փորձը, հեղինակութիւնը եւ դժուար իրավիճակները արժանապատուորէն հանգուցալուծելու հմտութիւնները ի շահ Արցախի ծառայեցուցած էք նաեւ ատկէ առաջ՝ թէ արցախեան ազատագրական պայքարի եւ պատերազմի, թէ տարբեր պետական պաշտոններ զբաղեցնելու տարիներուն: Իսկ ժողովրդի վստահութեան քուէով երկու ժամկետ որպէս Արցախի նախագահ պաշտոնավարելը վստահաբար կը վկայէ, որ Դուք հասած էք յաջողութեան:

Թող այդ յաջողութիւնը Ձեզ մշտապէս ուղեկցէ բոլոր պետական եւ ազգային ձեռնարկներուն եւ անձնական կեանքի ընթացքին:

Առողջութիւն եւ ամենայն բարիք Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին»: