Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւը վերջին օրերուն չիջներ. կը տատանուի 500-ի շուրջ. Արսէն Թորոսեան

2020-06-12
Image

Մահճակալները դեռ կը բաւարարեն, հիւանդանոցի կարիք ունեցող քաղաքացիներու թիւը աւելի տանելի է։ Այս մասին այսօր՝ 12 յունիսին, Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

«Ծայրայեղ ծանրներու թիւը երէկուայ դրութեամբ 100-ին մօտ էր, ծանրներուն թիւը՝ 420-ին մօտ էր։ Այդ թիւը վերջին օրերուն չէ իջած, կը տատանի 500-ի շուրջ: Մահճակալային ֆոնտի ծանրաբեռնուածութեան առումով վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ ալ տեղ ունինք, սակայն տեղ ունենալը իրավիճակի դրական գնահատական չի կրնար ըլլալ։

Մենք ծայրայեղ ծանրներուն մօտ ունինք շուրջ 70 տոկոս մահացութիւն, ծանրներուն մօտ՝ աւելի քիչ։ Թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն վրայ գտնուողներուն մօտ 90 տոկոս մահացութիւն ունինք։ Երիտասարդներու մահացութեան դէպքերը ուղեկցուող հիւանդութիւններու հետեւանք եղած է»,- յայտնած է նախարարը։