Ծանր բօթ մը Արցախէն. Զոհուած են երկու զինուորներ

Ծանր բօթ մը հասած է Արցախէն։ Արցախի Հանրապետութեան բանակային զօրամասի մը մէջ երկու զինուոր զոհուած է։
Այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան բանբեր՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը։Յովհաննիսեան, որ նաեւ նշած է, որ զինուորներու զոհուելու պատճառները ցարդ յստակ չեն նշած է անոնց անունները. Զինուորները կը կոչուին Տիգրան Մանուէլ Մանուէլեան եւ Տիգրան Յուսիկ Մխոյեան։
Այս տխուր առթիւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն։