Խոսրովի անտառի արգելոցի մօտ բռնկած հրդեհը մարուած է

26 Օգոստոսին անօդաչու սարքերու միջոցով իրականացուած հետախուզական աշխատանքի ճամբով Արարատի մարզի Խոսրովի անտառ պետական արգելոց տանող ճամբուն վրայ՝ «Մեղրաքար» կոչուող հատուածը, հրդեհի եւ ծխացող նոր օճախներ չեն յայտնաբերուած:
ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Խոսրովի անտառ-արգելոցի մօտ ծագած հրդեհը մարած է։ Կը նշուի նաեւ, որ այրած է մօտ 50 հազար բուսածածկ տարածք:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ անօդաչու սարքերու միջոցով իրականացուած հետախուզական աշխատանքի ճամբով պարզ դարձած է, որ Խոսրով Անտառ-արգելոցի շրջանին մէջ նոր հրդեհներու օճախներ չեն երեւցած։
Յիշեցնենք, որ 23 Օգոստոսին, ժամը 12:07-ին հրդեհ բռնուած էր Արարատի մարզի Խոսրովի անտառ պետական արգելոց տանող ճամբուն վրայ։