Խոստմնալից սկիզբ. Մասիս Մայիլեանը եւ «Նոր Արցախ» դաշինքը քարոզարշաւը մեկնարկած է Դադիվանքէն

26 Փետրուարին, Արցախի հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած է 31 Մարտին կայանալիք համապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւը:
Մասիս Մայիլեանը եւ «Նոր Արցախ» դաշինքը քարոզարշաւը սկսած է այսօր՝ 1 Մարտին, Շահումեանի շրջանի Դադիվանքէն, մոմավարութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Վանքի բակին մէջ նախագահական թեկնածու, ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը հանդիպում ունեցած է համակիրներուն հետ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ շփուած է ժողովուրդին հետ:
Յիշեցնենք, որ ՌԱԿ Արցախի մարմինը միացած է «Մայիլեան-Նոր Արցախ» դաշինքին եւ կը սատարէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու՝ ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանին:
Նշենք, որ քարոզարշաւի մեկնարկի օրը Մայիլեան գրառում կատարած էր, ուր մասնաւորապէս ըսած է. «Քարոզարշաւի մեկնարկի օրը կ'ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել քաղաքակիրթ մրցակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ քաղաքական ընդդիմախօսներու արժանապատւութիւնը վիրաւորելու անթոյլատրելիութիւնը, իրու մասին բազմիցս առիթ ունեցած եմ խօսելու նախընտրական պատրաստութիւններու ժամանակ։ Այս սկզբունքները դրած ենք «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինքի ձեւաւորման ու համագործակցութեան հիմքը։
Քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ գործիչներուն անգամ մը եւս կոչ կ'ընեմ հրաժարելու նաեւ ֆեյքային պատերազմէն ու զանազան մանիփուլացիաներէն։ Պէտք է հասկնալ, որ փոխուած են ժամանակները, ու որ լուրջ ընկալուելու եւ հեռանկար ունենալու միակ ուղին բառի բոլոր իմաստներով ստուերէ դուրս գալն է եւ ազնիւ ու բացճակատ մրցակցութիւնը։
Ես անձամբ մաքուր խիղճով ու բացճակատ կը սկսիմ քարոզարշաւը, նոյնը ակնկալելով միւսներէն։
Բարի երթ բոլորին»։