Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հերթական հեռակայ համաժողովը՝ Յունիսի աւարտին. Զախարովա

2020-06-18
Image

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հերթական հեռակայ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ յունիսի վերջը, իսկ առկայ ձեւաչափով հանդիպումները պիտի վերսկսին այն ժամանակ, երբ հանուին միջազգային հաղորդակցութեան սահմանափակումները, որոնք սահմանուած են «Քորոնա» ժահրային համավարակի պատճառով։

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնբրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այդ մասին ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Հերթական հեռավար հանդիպումը կը նախատեսուի մինչեւ այս ամսուան վերջ։ Ըստ սահմաններու բացման եւ միջազգային հաղորդակցութեան սահմանափակումներու վերացման, պիտի վերսկսին նաեւ առկայ հանդիպումները։ Համանախագահները մշտական կապի մէջ կը գտնուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հետ»,- ընդգծած է Զախարովան։