Լաւ լուր․ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող 32-ամեայ հիւանդը «Քորոնա» ժահրէն բուժուած է

Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող 32-ամեայ հիւանդը «Քորոնա» ժահրէն բուժուած է եւ երէկ տուն գացած է։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին յայտնած է Վնասուածքաբանութեան եւ ուղղամարմնական գիտական կեդրոնի ընդհանուր հարցերով փոխտնօրէն Կարէն Պօղոսեանը։
«Երեկոյեան եւս բարի լուր ունիմ՝
Այսօր տուն ուղարկեցինք մեր ամենածանր հիւանդ` 32 տարեկան Խ.Վ.-ն: Ան 28 մարտին մեր կեդրոն ընդունուած էր` հաստատուած «Քորոնա» ժահրով, երկկողմանի թոքաբորբով, 3-րդ աստիճանի շնչառական անբաւարարութեամբ, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս միացուած էր արհեստական շնչառութեան սարքին։
Վերակենդանացման բաժանմուքի ամբողջ անձնակազմը, հմուտ բժիշկները, բաժանմունքի վարիչ Անահիտ Բարսեղեանի ղեկավարութեամբ, օրուգիշեր պայքարեցան հիւանդի կեանքին համար:
Այսօր մեր հիւանդը քալելով՝ ուսապարկը ուսերուն, ժպիտը դէմքին լքեց մեր կեդրոնը:
Յատուկ շնորհակալութիւն վերակենդանացման բաժանմունքի անձնակազմին:
Կը պայքարինք միասին»,- գրած է Պօղոսեանը։