Իւրաքանչիւր նոր հանդիպում մեծ քայլ մըն է դէպի Նոր Արցախ. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամներ այցելեցին Որոտան, Սարատակ եւ Տիգրանաւան գիւղերը

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար, նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեան, «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամները մեկնարկած քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս, 7 Մարտին հանդիպումներ ունեցան Որոտան, Սարատակ եւ Տիգրանաւան գիւղերուն մէջ։
Մայիլեան եւ դաշինքի անդամները գրանցած են բնակիչներու բարձրաձայնած հարցերը, որոնք պատմած են ճանապարհներու հետ կապուած խնդիրներու մասին. այս շրջանին մէջ յաճախակի խնդիրներէն է նաեւ ելեկտրականութիւնը, ուր անձրեւի ու ձիւնի պատճառով գիւղերու բնակիչները բաւականին երկար ժամանակ կը մնան առանց ելեկտրականութեան:
«Իւրաքանչիւր նոր հանդիպում մեծ քայլ մըն է դէպի Նոր Արցախ, իւրաքանչիւր անկեղծ զրոյց ապագայ քաղաքակիրթ մթնոլորտի հիմքը կը դնէ»,- ընդգծած են դաշինքի անդամները։