Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանի նստավայրը Երեւանէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ

2020-02-26
Image

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նստավայրը տեղափոխուած է Թել Աւիւ: ՀՀ նախագահը Արմէն Սմբատեանը Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակելու հրամանագիրին մէջ ստորագրած է փոփոխութիւններու հրամանագիր, որու մէջ կ'արձանագրուի, որ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանի նստվայրը Երեւանէն կը տեղափոխուի Թել Աւիւ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Նորմաթիւ իրաւական աքթերու մասին» օրէնքի 34-րդ յօդուածի. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2018 թուականի 31 Մարտի «Ա. Սմբատեանը Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին» ՆՀ-200-Ա հրամանագրին մէջ «(նստավայրը՝ Երեւան)» բառերը փոխարինել «(նստավայրը՝ Թել Աւիւ)» բառերով»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Թել Աւիւի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու որոշման ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 2019 Սեպտեմբերին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի պետութեան  միջեւ  դիւանագիտական  յարաբերութիւնները  հաստատուած են 1992 Ապրիլին: 2018 Մարտէն Իսրայէլի պետութեան մէջ ՀՀ դեսպանը Արմէն Սմբատեանն է: