Թուրքիան ապակառուցողական եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւն կը վարէ. Զոհրապ Մնացականեանը՝ «Ինթըրֆաքս»-ին

2020-09-01
Image

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հարցազրոյց տուած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան:

Պատասխանելով հարցին՝ համաձա՞յն էք, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Պաքուին «կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ» եւ կը հեռացնէ հիմնահարցի կարգաւորման կարելիութիւնը, նախարարը նշած է․

«12 Յուլիսէն ետք միջազգային հանրութիւնը հանդարտեցման, բռնութիւնը դադրեցնելու բազմաթիւ կոչեր ըրած է:

Միակ երկիրը, որ փորձեց ոչ թէ նուազեցնել լարուածութիւնը, այլ աւելի շատ անկայունութիւն մտցնել տարածաշրջանին մէջ, Թուրքիան էր: Թուրքիոյ ապակայունացնող քաղաքականութիւնն ու թշնամանքը սպառնալիք կը ներկայացնեն իր հարեւան բոլոր տարածաշրջաններուն համար:

Այսօր Թուրքիան կը փորձէ իր ապակայունացնող քաղաքականութիւնը «արտահանել» Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան: Սա լուրջ մտահոգութիւն կ'առաջացնէ:

Թուրքիան ապակառուցողական եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւն կը վարէ։ Թուրքիան իր գործողութիւններով կը շարունակէ սպառնալիք ըլլալ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Այդ կապակցութեամբ Հայաստանը պիտի աշխատի իր անվտանգութեան հետագայ ամրապնդման, այդ շարքին՝ իր գործընկերներուն հետ համագործակցութեան ճանապարհով»,- ըսած է ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարը: