Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոր մրցանիշ հաստատած է

2020-02-04
Image

Հայաստանի մէջ 2019-ին գրանցուած տնտեսական բարձր աճի վրայ նշանակալի դրական ազդեցութիւն ունեցած է երկրի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ կառավարութեան հակաքրուփցիոն պայքարը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը՝ ընդգծելով, որ ստեղծուող միջավայրը թոյլ կու տայ տնտեսութեան ազատ ըլլալ, հետեւաբար զարգանալ։

Վիճակագրական կոմիտէի համաձայն` Հայաստանի տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը 2019-ին կազմած է 7,8%՝ աննախադէպ բարձր թիւ 2011-էն ի վեր, երբ երկրի տնտեսութեան վիճակը կոմիտէն սկսաւ չափել այդ ցուցանիշով։

Տիգրան Աւինեան մասնաւորապէս ըսած է. «Ունեցեր ենք զբօսաշրջութեան աճ, բաւականին մեծ ծաւալի՝ մօտաւորապէս 15 տոկոս այցելուներու քանակն աւելացած է, եթէ չեմ սխալիր, շատ կոպիտ գնահատականներով՝ 1,9 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած 2019 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ինչպէս նաեւ աճած են ծառայութիւնները, բաւականին կտրուկ, այսինքն՝ նաեւ այս ուղղութիւններով մենք ունեցեր ենք բաւականին դրական զարգացումներ:

Սա մրցանշային ցուցանիշ է՝ նախորդ տարուայ համեմատ  15 տոկոսի մօտաւոր աճ է»: