Ընտրեր եմ նոր Արցախը. Մասիս Մայիլեան

Համապետական ընտրութիւններուն կատարելով իմ քաղաքացիական պարտքը՝ ընտրեր եմ նոր Արցախը՝ աւելի ապահով, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ:
«Արցախբրես»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը:
Անոր խօսքով՝ մարդիկ կ'ուզեն իրական փոփոխութիւններ եւ որ իրաւական դաշտի մէջ բոլորը ըլլան հաւասար:
«Իմ առիթները շատ բարձր կը գնահատեմ, եւ ընտրուելէ ետք մենք պիտի իրականացնենք արմատական բարեփոխումներու ծրագիր: Որպէս նախագահ՝ պիտի փորձեմ միաւորել հասարակութիւնը, քանի որ ընտրութիւններէն առաջ միշտ ալ կ'ըլլայ պառակտում: Եթէ երկրորդ փուլ ըլլայ, անկասկած, ես եւս կ'ըլլամ այնտեղ»,- աւելացուցած է Մ. Մայիլեանը: