Ընտրական քարոզարշաւը կը շարունակուի. Մասիս Մայիլեան այսօր շրջած է Ստեփանակերտի մէջ

Այսօր՝ 2 Մարտ 2020-ին, նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները շրջած են Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկային մէջ, զրուցած մարդոց հետ ու հետաքրքրուած անոնց ընկերային վիճակի մասին։
Արցախի ազգաբնակչութիւնը հիմանկան գանգատած է թոշակներէն, փախստականներու հանդէպ անտարբերութենէն ու ընկերային այլ կարեւոր խնդիրներէ։
Պրն. Մայիլեանը անոնց ներկայացուցած է բարձրացուած հարցերու լուծման իր ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի տարբերակներն ու առաջնահերթութիւնները։