Ընթացք առաւ բանակի ուսումնական տարուան երկրորդ հատուածը (Լուսանկարներ Արցախէն)

19 Օգոստոսին պաշտպանութեան բանակին մէջ հանդիսաւոր ձեւով ընթացք առած է 2019-ի բանակային ուսումնական տարուայ երկրորդ կիսամեակը: Այս առթիւ առթիւ Պաշտպանութեան կեդրոնական զօրամասերէն մէկուն մէջ , ի ներկայութիւն զինծառայողներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, գեներալ-մայոր Կարեն Աբրահամեանը:
Բանակի հրամանատարը շնորհաւորած է անձնակազմին ուսումնական շրջանի սկիզբը , կարեւորելով նոր գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերումը հայրենիքի պաշտպանի առաքելութիւնը պատուով կատարելու և տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաուերներուն դիմագրաւելու գործին մէջ:
Նոր ուսումնական տարուան սկիզբի կապակցութեամբ ՊԲ բոլոր զորամասերուն և ստորաբաժանումներուն մէջ կազմակերպուած են հանդիսաւոր հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցութիւն բերած են բանակի հրամանատարական կազմն ու բարձրաստիճան սպաներ: