Ըմբռնումով կ'ընդունիմ, եթէ որոշուի յետաձգել ընտրութիւնները. Մասիս Մայիլեանի յայտարարութիւնը

Յարգելի հայրենակիցներ, վերջին օրերուն Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն շատերը կը դիմեն զիս խնդրանքով՝ յստակեցնելու իմ դիրքորոշումը «Քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ ընտրութիւններու կայացման նպատակայարմարութեան վերաբերեալ։
Նախընտրական քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս մեր քաղաքական խումբը «Նոր Արցախ» դաշինքի եւ դաշնակից միւս ուժերու հետ միասին հսկայական աշխատանք տարած է արմատական բարեփոխումներու մեր հայեցակարգը հանրութեան առաւել լայն շերտերուն համար հասանելի եւ ընկալելի դարձնելու համար։ Միանշանակ կրնանք փաստել, որ հանրութեան լայն շրջանակներուն մօտ ոգեւորութիւն կը նկատուի, ընտրողներու զգալի մասի մօտ առկայ են կամք ու վճռականութիւն՝ արմատական բարեփոխումներու ճանապարհով Նոր Արցախի հիմքը դնելու, ինչը յաւելեալ վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի, որ 31 մարտին պիտի արձանագրուի զարգացման նոր հայեցակարգի յաղթանակը։
Միեւնոյն ժամանակ, մեզի պատուհասած համաճարակի երթալով ահագնացող վտանգը կը ստիպէ նորովի գնահատել իրավիճակը եւ գիտակցիլ ընտրութիւններու հետ կապուած բոլոր ռիսքերը։ ՀՀ-ի հետ մենք ունինք անվտանգութեան ընդհանուր միջավայր, ուստի համաճարակի դէմ պայքարի տրամաբանութիւնն ու մարտավարութիւնը նոյնական ու միասնական պէտք է ըլլան՝ խարսխուած ըլլալով ՀՀ-ի արդէն իսկ ձեռք բերուած փորձի վրայ եւ ներդաշնակեցնելով բոլոր ջանքերը։ Համաշխարհային փորձը կը վկայէ, որ համաճարակի վտանգներու թերագնահատումը կրնայ յանգեցնել անկանխատեսելի հետեւանքներու։
Խորապէս գիտակցելով մեր ազգային անվտանգութեան սպառնացող այսօրուան մարտահրաւէրները եւ մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքը բացարձակ արժէք համարելով՝ ամենայն անկեղծութեամբ ու պատասխանատւութեամբ կը յայտարարեմ, որ ըմբռնումով կ'ընդունիմ, եթէ որոշուի յետաձգել ընտրութիւնները։
Առողջութիւն կը մաղթեմ բոլորիս եւ վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը յաղթանակած ու ամրապնդուած դուրս պիտի գայ այս փորձութենէն։