Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում կայացուցած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեանը նշանակել ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող: Այս մասին վարչապետը նշած է կառավարութեան նիստին սկիզբը՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արման Սարգսեանը նշանակած է ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը:
«Տեղեկացնեմ, որ ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգավիճակ է այս, եւ մեր գործընկերները այդ կարգավիճակին մէջ ունին լիարժէք լիազօրութիւն ղեկավարելու երկու համակարգերը: Ես կ'ուզեմ յաջողութիւն մաղթել եւ շնորհաւորել մեր գործընկերները: Պաշտօնական առումով մենք կը սպասենք նախագահին կողմէ այդ հրամանագրերուն ստորագրման ու հրապարակման»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ Արթուր Վանեցեանը եւ Վալերի Օսիպեանը պաշտօնազրկուած են ԱԱԾ տնօրէնի եւ Ոստիկանութեան պետի պաշտօններէն: Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական: