Էջմիածին քաղաքէն ելումուտքը բնականոն հուն մտաւ

2020-03-19
Image

Վաղարշապատ (Էջմիածին) քաղաքէն ելքը սահմանափակելու եւ մնացած երեք ճանապարհներու վրայ մարդկանց ջերմաչափում իրականացնելու գործընթացը 18 Մարտ, ժամը 20։00-էն դադարեցուած է՝ նկատի առնելով, որ դէպքերը մօտ մէկ շաբաթ առաջ հաստատուած հիւանդի շփման շրջանակէն դուրս չեն եկած: Այս մասին Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի ֆեյսպուքեան էջին գրած է պարետ Տիգրան Աւինեանը։

«Միաժամանակ, Էջմիածնի բնակիչները, ինչպէս նաեւ մեր ողջ ազգաբնակչութիւնը, կրկին կը յորդորեմ խստագոյնս պահպանել արտակարգ դրութեան բոլոր կանոնները եւ ցուցաբերել քաղաքացիական բարձր պատասխանատւութիւն ու գիտակցութիւն՝ չմասնակցիլ ու չկազմակերպել բազմամարդ միջոցառումներ ու հաւաքներ, կրիփանման ախտանշաններու պարագային ինքնամեկուսանալ, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս դիմել բժիշկի կամ կապ հաստատել 060 838300 թէժ գիծի միջոցով»,– գրած է ան։