ԶԼՄ-ներով «Քորոնա» ժահրի մասին հրապարակումներու սահմանափակման մասին

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն հայտարարելու մասին 16.03.2020թ. 298-Ն որոշման 23-րդ կէտի համաձայն՝ «քորոնա» ժահրի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց, ինչպէս նաեւ ԶԼՄ-ներու կողմէ կրնայ հրապարակուիլ բացառապէս յղում կատարելով Պարետատան տրամադրած պաշտօնական տեղեկատւութեան։
Նշուած սահմանափակման միակ նպատակն է հանրութիւնը մոլորեցնող եւ խուճապ առաջացնող տեղեկատւութեան բացառումը եւ ոչ ճշգրիտ տեղեկատւութեան տարածումը կանխարգիլելը։
ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան, այլ պետական գերատեսչութիւններու, ինչպէս նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ վերջիններուս պաշտօնական հաղորդակցութեան միջոցներով յայտնած տեղեկատւութիւնը թիւ 298-Ն որոշման 23-րդ կէտի իմաստով կը համարուի Պարետատան տրամադրած պաշտօնական տեղեկատւութիւն, ուստի համապատասխան յղումով կրնայ տարածուիլ։
Ինչ կը վերաբերի «քորոնա» ժահրի թեմայով իբրեւ գիտական յօդուած կամ վերլուծութիւն տարածուող նիւթերուն, ապա անոնց վերաբերեալ կը գործէ 23-րդ կէտով նախատեսուած սահմանափակումը, քանի որ հանրութիւնը մոլորեցնող եւ խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծելուն ուղղուած տեղեկատւութիւնը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ գիտական գործունէութեան արդիւնք` այդպիսին չըլլալով։