Երկրաշարժ Արցախի Մարտունի շրջանին մերձ

«Արմէնբրէս», 22 Օգոստոսին, Հայաստանի ժամով ժամը 09:41-ին ՀՀ ԱԻՆ տարածքային պաշտպանութեան ծառայութեան ցանցին կողմէ գրանցուած է երկրաշարժ։
Երկրաշարժին կեդրոնը եղած է Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքէն 20 կմ հիւսիս-արեւմուտք։
ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն յայտեցին, որ երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ Գորիս, Նոյեմբերեան, ԱՀ Շուշի, Քարվաճառ, Մարտակերտ եւ Ստեփանակերտ քաղաքներուն մէջ՝ 3-4 աստիճան, Դրմբոն եւ Հաթերք գիւղերուն մէջ՝ 4 աստիճան ուժգնութեամբ: