Երեւանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած է բուժքոյր մը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած 115 դէպքերէն մէկն արձանագրուած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ աշխատող բուժքրոջ մօտ։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ընկերային ցանցի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։
« «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 115 դէպքէն մէկն արձանագրուած է բուժքրոջ մօտ, որ իր մասնագիտական առաքելութիւնը իրականացուցած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ: Վերջինս անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար, թոքաբորբ չունի։ Առողջութիւն կը մաղթեմ անոր»,- գրած է Թորոսեանը։
Ան աւելցուցած է, որ այս օրերուն բուժաշխատողները կ'աշխատին գերծանրաբեռնուած` յաճախ յայտնուելով ռիսքային իրավիճակներու մէջ: Անոնք կը համարուին վարակուելու ամենախոցելի խումբերէն մէկը։ Նախարարը խնդրած է յարգել անոնց աշխատանքը եւ մնալ տունը։