Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ

Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 շէնքին մէջ, կազի արտահոսքէն տեղի ունեցած պայթումի պատճառով շէնքը մասնակի փլած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:
Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգը ստացած է 26 օգոստոսին, ժամը 07:18-ին:
Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարակակն ծառայութեան խումբերը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը։
Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է երկու տուժած քաղաքացի եւ մէկ քաղաքացիի դի: Իրականացուած է 21 քաղաքացիի տարհանում։
Տուժածները տեղափոխուած են «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:
Դէպքի վայր գտնուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ԱԻ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը։
ՀՀ վարչապետը դէպքի առնչութեամբ նշած է, որ փլուզումը տեղի ունեցած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի 1 հասցէին վրայ գտնուող 4 յարկանի շէնքին մէջ։
Նախնական վարակածով պայթումի պատճառ դարձած է բնական կազի արտահոսքը։ Մասնակի փլուզած է նոյն շքամուտքին մէջ գտնուող 12 բնակարան։