Երեւանը կը նշէ հիմնադրման 2801-ամեակը

Այսօր Երեւանը կը նշէ հիմնադրման 2801-ամեակը: Այս տարուան կարգախօսն է՝ «Սրտումս Երեւան»։
«Էրեբունի - Երեւան 2801» հիմնական միջոցառումները կը մեկնարկեն երեկոյեան։ Ժամը 19:00-էն մինչ 22:00-ը վարչական շրջաններէն կը հնչեն տարբեր ոճերու ռիթմեր:
«Էրեբունի-Երեւան 2801» պաշտօնական միջոցառումն ու կալա համերգը պիտի կայանայ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս: Ելոյթ պիտի ունենան Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարած Ազգային ակադեմիական երգչախումբը եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը: Պիտի ներկայացուի մէկ տարուան հաշուետւութիւնը, պիտի ելլայ նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն եւ մշակութային մաս։
Հայաստանը աշխարհի ամենաշատ մայրաքաղաքներ ունեցող երկիրն է. անոնք տասներկուքն են՝ Արմաւիր, Վան, Երուանդաշատ, Արտաշատ, Տիգրանակերտ, Վաղարշապատ, Դուին, Բագարան, Շիրակաւան, Կարս, Անի եւ Երեւան:
Հայաստանի մայրաքաղաքի անունը կու գայ ուրարտական շրջանէն` Էրեբունիէն: Ուրարտագիտութենէն յայտնի է, որ ուրարտերէն «Բ» հնչիւնը հայերէնի մէջ կը հնչէ «Վ»: Այստեղէն ալ Էրեբունի անունը ձեւափոխուած եւ դարձած է Երեւան:
Երեւանի տարածքը կը կազմէ 223 քմ, բնակչութիւնը՝ 1075.1 հազ. մարդ։