ԵԱՀԿ-ը դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն ԵԱՀԿ առաքելութիւնը 16 յունուարին հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին՝ Ակնայէն դէպի հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին։
Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-էն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա):
Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը, անոր անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարտին Շուսթերը (Գերմանիա):
Դիտարկումն անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր:
Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: