ԵԱՀԿ դիտարկում Արցախի սահմանին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն 21 օգոստոսին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի վիճակը վերահսկելու վերաբերեալ դիտարկում իրականացուած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Օմարի լեռնանցքին:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնէն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպրչիկը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Գենադիէ Պետրիկան (Մոլդովիա), ինչպէս նաեւ Սայմոն Թիլերը (Մեծն Բրիտանիա):
Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովիաա) գրասենեակի աշխատակից Մարտին Շուստերը (Գերմանիա):
Դիտարկումը անցած է է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի:
Դիտարկման առաքելութեանը արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան և պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: