Դպրոցներուն մէջ նախնական զինուորական պատրաստութիւնը լուրջ վերանայման կարիք ունի. ԿԳՄՍ նախարար

Դպրոցներուն մէջ նախնական զինուորական պատրաստութիւն առարկան լուրջ վերանայման կարիք ունի: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ 2020-ի պետական պիւտճէի նախնական քննարկման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:
Անոր խօսքով՝ իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ կը ցանկան, որ տուեալ առարկան դասաւանդուի ոչ թէ դպրոցական դասարաններու սահմանափակ տարածքին մէջ, այլ իրական զօրանոցներու եւ դաշտային ճամբարներու պայմաններու մէջ:
«Այժմ մենք կ'ուսումնասիրենք այն ենթակառուցուածքը, որ կայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ շարք մը դպրոցներու, մասնաւորապէս, «Քուանթ» վարժարանի փորձը, որ երկշաբաթեայ դասընթաց կ'իրականացնէ իր ճամբարի տարածքին, եւ, ըստ էութեան, երեխաները այնտեղ ամբողջութեամբ կ'անցնին դասընթացը: Այն ե՛ւ գործնական, ե՛ւ տեսական մասն է»,- ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ անոր համար լուրջ նիւթական ազդեցութիւն կը պահանջուի: