Դուրսը կարելի է գտնուիլ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային ու անձը հաստատող փաստաթուղթով. ՀՀ-ի մէջ քարանթինային միջոցառումները կը խստացուին

2020-03-24
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ըսած է, որ առնուազն մէկ շաբաթ խիստ սահմանափակումներ պիտի կիրառուին քաղաքացիներու տեղաշարժի հետ կապուած:

«Այսօրուընէ տունէն պէտք է դուրս գալ միայն կենսական անհրաժեշտութեան պարագային եւ ունենալով անձը հաստատող փաստաթուղթ: Փողոց դուրս եկած մեր քաղաքացիները պէտք է բացատրութիւն ունենան, թէ ինչու դուրս եկած են»,- ըսած է վարչապետը: 

Ան տեղեկացուցած է, որ պարէտատունը սահմանած է յատուկ ձեւաթուղթ, որ պէտք է լրացնել: 

Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է նաեւ 2 հոգիէ աւելի չհաւաքուիլ միեւնոյն վայրին մէջ, եւ իրարմէ պահպանել 10 մ հեռաւորութիւն: 

Ան տեղեկացուցած է, որ այսօր՝ 18:30-ի դրությամբ, Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 249 դէպք, մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է՝ 77-ամեայ քաղաքացիի, չորսինը՝ ծանր: 

«Պէտք է ամէն ինչ ընենք՝ մահուան ելքերով դէպքերը բացառելու համար»,- ըսած է վարչապետը: