Դժբախտ պատահարի հետեւանքով պայմանագրային զինծառայող մահացած է

2020-01-22
Image

21 Յունուարին՝ ժամը 13:15-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած է պայմանագրային զինծառայող, 1980-ի ծնունդ Արթուր Մարտունի Նալպանտեանը:

Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն։

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: