Դաւիթ Տօնոյեանը հայ սպայի վերաբերեալ Ատրպէյճանի տարածած տեսանիւթերու մասին զրուցած է Անճէյ Քասփրշիքի հետ

2020-08-27
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, 26 օգոստոսին, հեռախօսազրոյց ունեցած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Զրոյցի ընթացքին Դ. Տօնոյեանը դեսպան Ա. Քասփրչիքի ուշադրութիւնը հրաւիրեց ինչպէս այսօր ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի մասնակցութեամբ տեսաուղերձին, այնպէս ալ հրապարակուած նախորդ տեսահոլովակին՝ ընդգծելով, որ վերոնշեալ տեսագրութիւնները միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքներու, այդ շարքին նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում են:

Ժընեւեան համաձայնագրերը կ'երաշխաւորեն ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց պատուի եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը, որ պէտք է բացառէ որեւէ տեսակի նվաստացնող վերաբերմունք, անկախ անկէ, թէ ինչ պայմաններու  եւ ինչ տեղանքի մէջ անձը յայտնուած է հակառակ կողմի իրաւազօրութեան ներքոյ:

 Յ․Գ․ Զինծառայող Գուրգէն Ալավերդեանն ակնյայտօրէն կը կարդայ իրեն պարտադրուած թերի հայերէնով մշակուած գրութիւնը»,- գրած է ան։