Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 17 Սեպտեմբերին

2019-09-12
Image

Տեւական ընդմիջումէ ետք այսօր Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս մեկնարկած է սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւս երեք նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործով դատական նիստը։

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները միջնորդութիւն ներկայացուցած են դատարանին, խնդրելով անյապաղ կալանքէն ազատ արձակել Ռոպերթ Քոչարեանը՝ հիմնուելով Սահմանադրական դատարանի որոշման վրայ:

Այսօր դատարան եկած էին բոլոր մեղադրեալները՝ ոչ միայն Ռոպերթ Քոչարեանը, այլեւ բարձրաստիճան նախկին պաշտօնեաներ Եուրի Խաչատուրովը, Սեյրան Օհանեանը եւ Արմէն Գէորգեանը։ Դատարանը եղած են նաեւ Մարտ 1-ի զոհերու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչները եւ տուժողներ։

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի նախագահութեամբ հեռացած է խորհրդակցական սենեակ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշում կայացնելու:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը յայտնած է, որ դատարանը ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 17 սետեմբերիին, ժամը 13:00-ին: