Գործազրկութեան էական նուազում ունինք. Վարչապետը թիւեր հրապարակած է

Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ՝ նուազելով 29 հազար 200-ով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ուրախ եմ արձանագրել, որ 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակէն մենք գործազրկութեան էական նուազում ունինք:
Եթէ 2018-ի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 236 հազար 400 մարդ, ապա 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ, նուազելով 29 հազար 200 մարդով:
Ներկայիս մեր երկրի մէջ գործազրկութիւնը կը կազմէ 17,7 տոկոս, ինչը կը նշանակէ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ մեր երկրին մէջ ընդհանուր գործազրկութիւնը նուազած է 2,5 տոկոսով»,- գրած է ՀՀ վարչապետը: