Գորիսի մէջ «Քորոնա» վարակի առաջին դէպք

2020-04-28
Image

«Goris Today»-ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ Գորիսի մէջ 27 ապրիլին, գրանցուած է նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան առաջին դէպքը: Վարակուածը գորիսեցի է, Գորիս քաղաքի դպրոցներէն մէկու ուսուցչուհիներէն է, որ օրեր առաջ վերադարձած է Երեւանէն: Հիւանդի շփման շրջանակն այժմ կը պարզուի, ան տեղափոխուած է Երեւան:

Նախնական տեղեկութիւններով շփման շրջածիրէն ներս նաեւ բուժաշխատողներ են: