Գաւառի հիւանդանոցին վրայ եղած յարձակումի ժամանակ կարգ մը վիրաւորուածներու վիճակը ծանր է. Նախարար

2020-04-29
Image

Գաւառի բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով վիրաւոր անձինք կը գտնուին տարբեր հիւանդանոցներ․ մի քանիին կեանքին վտանգ կը սպառնայ։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

«Վիրաւորներէն ոմանց կեանքին վտանգ կը սպառնայ, բայց այլ մանրամասներ չեմ կրնար ըսել։ Բարեբախտաբար, բժշկական անձնակազմէն զոհեր, վիրաւորներ չկան, սակայն այդ փաստը ոչ մէկ կերպ կ'արդարացնէ նմանատիպ վարքագիծը։ Բուժաշխատողներու հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն՝ շատ աւելին է, քան, եթէ այդ ըլլայ փողոցը կամ կենցաղին մէջ»,- նշած է նախարարը։

Լրագրողի հարցին՝ արդեօք տեղեկութիւնները ճի՞շդ են, որ վիրաւորներու վիզի հատուածին վնասուածքներ հասցուած են, Թորոսեանը չէ պատասխանած եւ ընդգծած, որ այս պահուն իրաւապահ մարմինները կը զբաղուին։

ՀՀ առողջապահութեան նախարարն ըսած է, որ հիւանդանոցին մէջ վնասուած են պատերը, դռները, պատուհանները, սանհանգոյցները, անոնք առաջիկային պիտի վերականգնուին։  

Նշենք, որ Գաւառ քաղաքի՝ Գաւառի համալսարանի մօտակայքը 28 ապրիլին ժամը 17:40-ի սահմաններուն կրակոցներ հնչած են։ Մահացած է 2 մարդ, 4 հոգի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած էին հիւանդանոց, որմէ ետք յարձակում տեղի ունեցած էր նաեւ հիւանդանոցի վրայ։