Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը աւարտեցաւ. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի

2020-06-19
Image

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ, դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանի նախագահութեամբ, քիչ առաջ աւարտած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու միջնորդութեան քննութիւնը. որոշումը պիտի հրապարակուի այս կիրակի։

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ծառուկեանի փաստաբաններու խումբէն Սամուէլ Դիլբանդեանը ըսած է, որ ներկայացուած միջնորդութիւնը անօրինական ու անհիմն է. «Մեր կողմէն բոլոր առարկութիւնները ներկայացուած է։ Կը կարծեմ, որ դատարանը կը մնայ իր բարձրութեան վրայ եւ ներկայացուած միջնորդութիւնը անպայման կը մերժուի»:

Նշենք, որ Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ընտրակաշառք տալու համար։ Ան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր  եւ այն կ'որակէ շինծու գործ։