Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 17 յունիսին

2020-06-17
Image

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսին, ժամը 19:00-ին:

Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իվեթա Տօնոյեանը:

«Դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան, ժամը 19:00-ին, Շենգաւիթի դատարանին մէջ»,- ըսած է Տօնոյեանը:

Խափանման միջոց կալանքը ընտրելու քննիչի միջնորդութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը։

Յայտնի է, որ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին միջնորդութեան քննութիւնը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանին: Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ ընտրակաշառք տալու համար։