Բոլոր ընտրութիւնները մեր երկրին կը բերեն փառք ու պատիւ. Նախագահ Բակօ Սահակեանի անդրադարձը

Բոլոր ընտրութիւնները մեր երկրին կը բերեն փառք ու պատիւ, բացառութիւն պիտի չըլլան այս ընտրութիւնները։ Այս մասին 8 սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը՝ խօսելով Արցախի մէջ ընթացող ՏԻՄ ընտրութիւններու մասին։
«Աւելի քան համոզուած եմ, որ մենք՝ որպէս ժողովրդավարութեան ուղին բռնած երկիր, պիտի արձանագրենք մեր հերթական յաջողութիւնը, ցանկացած ընտրութիւն հնարաւորութիւն է մեր երկրի առաջընթացը ապահովելու համար, եւ ես, բնականաբար, քուէարկած եմ մեր երկրի առաջընթացի համար»,–նշած է ան:
ԱՀ նախագահի խօսքով՝ հետեւած է թեկնածուներու քարոզարշաւին եւ իր տպաւորութեամբ թեկնածուները հիմնական պատկերացում ունին քաղաքի խնդիրներու մասին։
«Մեր քաղաքը ոչ միայն կերպարանափոխուած է, այլեւ այս տարիներու ընթացքին ստացած է նոր եռանդ, կը կարծեմ՝ նոր քաղաքապետն ու նոր քաղաքապետարանը պէտք է ունակ ըլլայ այս զարգացման աշխոյժ ընթացքը ապահովելու եւ ստեղծելու լրացուցիչ պայմաններ՝ քաղաքի զարգացման եւ շէնացման համար»,–ըսած է ան։
Բակօ Սահակեանը, սակայն շեշտած է՝ պէտք չէ բաւարարուիլ նախորդ ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքով, ընդգծելով, որ «քաղաքը կենդանի օրկանիզմ է, որ միշտ կը պահանջէ աւելին ընել, քան եղած է»։
«Ես կը սիրեմ Ստեփանակերտը ու պատասխանատուներու հետ այս տարիներու ընթացքին փորձած եմ քաղաքին հաղորդել այն ներուժը, որ, իբրեւ մայրաքաղաք, կը սնուցէ ոչ միայն ստեփանակերտցիները, այլեւ ամբողջ երկիրը»:
Նշենք, որ քուէարկութեան Բակօ Սահակեանը ներկայացած էր կնոջ հետ։
Յիշեցնենք, որ Արցախի 228 համայնքի մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններ են։ Առաջադրուած է համայնքի ղեկավարի 415 եւ աւագանիի անդամի 2573 թեկնածու։
Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած է 5 թեկնածու՝ Դաւիթ Սարգսեան, Արայիկ Աւանեսեան, Արմէն Յակոբեան, Արեգ Աւագեան, եւ Գրիգորի Սահակեան:
Դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար հաւատարմագրուած է 400-է աւել դիտորդ: