Բոլորով պիտի աշխատինք, որ 2020ին 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովենք. Փաշինեան

2020-02-04
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2019-ի տնտեսական արդիւնքները կը նկատէ փայլուն եւ կը տեսնէ, թէ կան բոլոր նախադրեալները 2020-ին 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովելու։ Այս մասին Վարչապետ Փաշինեան գրած է իր Ֆէյսպուքեան էջին:

«Բոլորով պիտի աշխատինք, որ 2020 թուականին ապահովենք գոնէ 8-9 տոկոս տնտեսական աճ, ներառեալ՝ գիւղատնտեսութիւնը դուրս բերելով տնտեսական դանդաղումի փուլէն:

Ատոր համար բոլոր նախադրեալները առկայ են: Իսկ 2019 թուականի տնտեսական արդիւնքները կը գնահատեմ փայլուն»,- նշած է ան։