ԲՀԿ-ն կը նախաձեռնէ ստորագրահաւաք` Սահմանադրական դատարան դիմելու համար

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարծած է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծի ընդունման վերաբերեալ․
«Յարգելի՜ հայրենակիցներ,
այսօր ՀՀ Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը ընդունեց ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը, որ ակնյայտօրէն կը հակասէ ՀՀ Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԺ Կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքի 86-րդ յօդուածին, որով ուղղակիօրէն կը նախատեսուի, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը առաջին ընթերցմամբ ընդունելէ ետք անպայմանօրէն պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարան՝ պարզելու առաջարկուող փոփոխութիւններու համապատասխանութիւնը ՀՀ Սահմանադրութեան։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը, օգտուելով ՀՀ Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 2 կէտով սահմանուած լիազօրութենէն, կը նախաձեռնէ ԱԺ պատգամաւորներու մէկ հինգերորդի ստորագրահաւաք՝ այսօր խորհրդարանի կողմէ ընդունուած որոշման սահմանադրականութեան հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելու համար: Կը դիմենք «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան մեր գործընկերներուն՝ միանալ այս նախաձեռնութեան՝ մեր երկրին մէջ իրաւական անվտանգութիւնը պաշտպանելու եւ սահմանադրական կարգի տապալումը կանխելու համար»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ: