Բերդի փրկարարները ստացան հակառակորդի խոցած նոյն մեքենայի «իւղը վրան» տարբերակը. Փաշինեան

2020-07-21
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին լուսանկարներ տեղադրած է եւ գրառում կատարած։

«Չորեքշաբթի օր հակառակորդի անօդաչու թռչող սարքը խոցած էր Բերդի փրկարար ջոկատին պատկանող շտապօգնութեան մեքենան, որուն անձնակազմը հրաշքով ողջ մնացած էր։ Մեքենան կը սպասարկէր սահմանապահ գիւղերը:

Այսօր Բերդի փրկարարները ստացան նոյն մեքենայի «իւղը վրան» տարբերակը։ Եւս մէկ մեքենայ ձեռք բերինք Նոյեմբերեանի փրկարարներուն համար։ Մեքենաները քիչ առաջ հասան Տաւուշ։

Բարի եւ խաղաղ ծառայութիւն։ Եւ շնորհակալութիւն՝ անձնուրաց ծառայութեան համար»,– գրած է ան։