Արցախ այցելելէ ետք մենք մեր ունեցած ջանքերը պիտի կրկնապատկենք. Քոնկրէսական Ճեքի Սփիր

2019-10-09
Image

Արցախ այցելութենէս շատ մեծ տպաւորութիւն ստացած են: ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի  հետ  հանդիպումէն ետք այս մասին  «Արցախբրես»-ի թղթակցի հետ զրոցի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ճեքի Սփիրը՝ ընդգծելով, որ ինքը չէ պատկերացուցած, որ  Արցախը այսքան  հիասքանչ  է:

«Արցախը աշխարհաքաղաքական շատ դժուար դիրք ունի, եւ խնդիրները անկէ կ'առաջանան: Արցախի ժողովուրդը իրաւամբ իրաւունք ունի խօսելու իրենց իրաւունքներու մասին: Արցախ այցելելէ ետք մենք մեր ունեցած ջանքերը պիտի կրկնապատկենք, որպէսզի ԱՄՆ իշխանութիւնները համոզենք, որ պէտք է աջակցին Արցախին»,-մասնաւորապէս ըսած է Սփիրը:

ԱՄՆ քոնկրէսական Ճուտի Չուն, որ Ճեքի Սփիրի հետ հանդիպած է ԱՀ նախագահին՝ ըսած է, որ ինքը լրամշակում մտցուցած են ԱՄՆ «Ազգային պաշտպանութեան պիւտճէթային յատկացումներու մասին» օրինագծին մէջ, որ կը վերահաստատէ «Էնկել-Ռոյս նախաձեռնութեան» կարեւորութիւնը՝ միտուած Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միջեւ շփման գիծի վրայ լարուածութեան թուլացման:Այն կը վերաբերի նաեւ կրակորսիչ համակարգերու եւ դիպուկահարներու  յետքաշման: 

«Այս  ամէնը ըրած  եմ  առանց  Արցախը  տեսնելու: Այսուհետ ալ աւելի մեծ եռանդով պիտի աշխատիմ, որպէսզի Արցախը այլեւս վտանգի ենթարկուած չըլլայ, մենք ունենանք խաղաղութիւն, եւ որ Արցախը ունենայ համապատասխան միջոցներ զարգանալու  համար»,-  աւելցուցած է Ճուտի Չուն: