Արցախի ՏԻՄ ընտրութիւններ. Արայիկ Յարութիւնեանի առաջնորդած «Ազատ հայրենիք»ը առաջատար

Կիրակի օր Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ) ընտրութիւններու աւարտին յստակ դարձած է, որ Արցախի նախկին վարչապետ ՝Արայիկ Յարութիւնեանի առաջնորդած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը դարձած է առաջատար։
Այսպէս օրինակ Շուշի քաղաքը յառաջիկայ տարիներուն պիտի ղեկավարէ Արծուիկ Սարգսեանը։ Նախօրէին կայացած ընտրութիւններուն անոր օգտին քուէարկած է 879 ընտրող։ Արծուիկ Սարգսեանը Շուշի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատարն է, անկուսակցական։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) հրապարակած նախնական տուեալներու համաձայն, գրանցուած թեկնածուներէն Արթուր Հայրապետեանը ստացած է 184 ձայն, Խաչատուր Հայրիեանը՝ 120 ձայն, Վլատիկ Համբարձումեանը՝ 56 ձայն։ ԿԸՅ հրապարակած նախնական տուեալներով, քուէարկութեան այստեղ մասնակցած է 1813 մարդ։
Ասկերանի մէջ առաւել մեծ թիւով ձայներ ստացած է Սամուէլ Աղաջանեանը՝ 469։ Ան գործող համայնքապետն է, «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան անդամ է։ Միւս թեկնածուներէն Արմէն Բախշիյեանը, Նուէր Գաբրիէլեանը ստացած է 304 ձայն։ Քաղաքապետի ընտրութիւններուն այստեղ մասնակցած է 1232 ընտրող։
Մարտակերտի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Միշա Գիւրճեանը։ 1824 ընտրողէն անոր օգտին քուէարկած են 945-ը։ Ան գործող քաղաքապետն է, անկուսակցական։
Մարտունիի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Հայկ Սարգսեանը։ Ան ստացած է 1292 ձայն։ Միւս թեկնածուն Վատիմ Դանիէլեանը անոր զիջած է աւելի քան 200 քուէով՝ ստանալով 1051 ձայն։ Ընտրուած թեկնածուն «Ազատ հայրենիք» կուսակցութենէն է, «Գոռ Սարգսեան» ՍՊԸ-ի տնօրէնն է։
Քարվաճառի մէջ 210 ձայնով ընտրուած է Սերկէյ Չիլինգարեանը։ Ան գործող քաղաքապետն է, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութենէն։ Անոր մրցակից Սերոբ Նալթակեանի օգտին քուէարկած է 190 ընտրող, ընդհանուր առմամբ քուէարկութեան մասնակցած է 407 քաղաքացի։
Հարդրութի քաղաքապետ ընտրուած է Վահան Սաւադեանը՝ 676 ձայնով։ Ան անկուսակցական է, կ'աշխատի «Արցախէներկօ» ընկերութեան մէջ որպէս ճարտարագէտ։ Անոր միակ մրցակից Արծուիկ Հայրապետեանի օգտին քուէարկած է 565 ընտրող։
Բերձորի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Նարեկ Ալեքսանեանը։ Ան ստացած է 306 քուէ։ Ան համայնքապետի տեղակալն է, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ։ Քուէարկութեան մասնակցած է 986 ընտրող։
Յիշեցնենք, որ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահն է Արցախի նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ մտադիր է մասնակցելու Արցախի նախագահի՝ 2020 թուականին կայանալիք ընտրութիւններուն։
Արցախի մայրաքաղաքին մէջ հինգ թեկնածուներէն առաւել մեծ թիւով քուէներ ստացած է Դաւիթ Սարգսեանը։ Անոր օգտին քուէարկած է 7.787 ընտրող։ Ան անկուսակցական է, «Ճեներալ Կրուփ» ընկերութեան գործադիր տնօրէնն է։
Միւս թեկնածուներէն Գրիգորի Սահակեանը ստացած է 4765 ձայն, Արեգ Աւագեանը՝ 3125 ձայն, Արմէն Յակոբեանը՝ 3059 ձայն, Արայիկ Աւաննէսեանը՝ 2108 ձայն։
Ստեփանակերտի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 21615 ընտրող։