Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 14 թեկնածու

2020-02-17
Image

Արցախի յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ներկայացած է 14 թեկնածու։  Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը:

     Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ընտրական ցուցակ ներկայացուցած են 9  կուսակցութիւններ`

  1. Արցախի Պահպանողական կուսակցութիւնը`16 թեկնածուներու,
  2. «Միասնական հայրենիք»  կուսակցութիւնը`62 թեկնածուներու,
  3. «Ազգային վերածնունդ»  կուսակցութիւնը` 20 թեկնածուներու,
  4. « Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը` 33 թեկնածուներու,
  5. Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը` 32 թեկնածուներու,
  6. Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւնը` 35 թեկնածուներու,
  7. Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւնը` 17 թեկնածուներու,
  8. Լեռնային Ղարաբաղի Քոմունիստական կուսակցութիւնը`17 թեկնածուներու,
  9. «Անկախութեան Սերունդ» կուսակցութիւնը` 17 թեկնածուներու ընդգրկմամբ:

 

     Ընտրական ցուցակ առաջադրած են երկու կուսակցութիւններու դաշինքներ`

 

  1. «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը` 65 թեկնածուներու,
  2. «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» կուսակցութիւններու դաշինքը` 31 թեկնածուներու ընդգրկմամբ:

 

     Ներկայացուած փաստաթուղթերը ԱՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կ'ուսումնասիրուին: Առաջադրուած բոլոր ընտրական ցուցակներուն հնարաւոր կ'ըլլայ ծանօթանալ 18 Փետրուարին: